Եւրոմիութիւնը ամբողջութեամբ անցած է Վրաստանի վրայ յարձակման ռեժիմի՝ Ռուսիոյ դէմ «երկրորդ ճակատ» մը բանալու մերժումին պատճառով, եւ առանց վիզայի ռեժիմի հնարաւոր չեղարկման թեման կ՚օգտագործէ որպէս սպառնալիք։ Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
«Վրաստանի մէջ երկրորդ ճակատ բանալու ձգտումը այնքան մեծ է, որ «համաշխարհային պատերազմի կուսակցութիւնը» վերակազմակերպած է ամբողջ եւրոպական դիւանակալութիւնը՝ Վրաստանի վրայ յարձակելու նպատակով, եւ որպէս ճնշման լծակ կ՚օգտագործէ իր վերջին յաղթաթուղթը՝ առանց վիզայի ռեժիմի վերացումը։ Անոնք, որոնք կը փափաքին մեր երկիրը քաշել պատերազմի մէջ, կը կարծեն, թէ եթէ Եւրոմիութիւնը վերացնէ առանց վիզայի ռեժիմը՝ նոյնիսկ անհասկնալի պատճառով, այնպիսի անկարգութիւններ պիտի ծագին հասարակութեան մէջ, որոնք պիտի աւարտին պետական յեղաշրջումով եւ իշխանութեան մէջ գործակալներու ներմուծումով», – ըսած է Քոպախիձէն։
Քոպախիձէն միաժամանակ մեղադրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին վարչակազմը՝ Վրաստանը պատերազմի մէջ ներքաշելու փորձերուն համար։ Անոր համաձայն՝ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն անմիջապէս ետք, ԱՄՆ նախկին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թիֆլիսի մէջ նախկին դեսպան Քելլի Տեկնըն սկսած են ճնշում գործադրել Վրաստանի վրայ։