image

Դաշինք կազմած են Ռուսիոյ դէմ. Լաւրով

Դաշինք կազմած են  Ռուսիոյ դէմ. Լաւրով

Երբ սկսաւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը, Հիթլերը իր դրօշին տակ հաւաքեց եւրոպական երկիրներու զգալի մասը, եթէ ոչ մեծ մասը Խորհրդային Միութեան դէմ պատերազմի համար: 

 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Եւրոմիութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն դաշինք կը հաւաքեն Ռուսիոյ դէմ կռուելու եւ, մեծ հաշուով, պատերազմելու համար: 

«Մենք քիչ պատրանքներ ունինք առ այն, որ Եւրոմիութեան ներկայիս ռուսատեաց լարուածութիւնը ինչ-որ կերպ կը ցրուի կամ կը փոխուի տեսանելի, եւ ճիշդն ասած, երկարաժամկէտ հեռանկարով: Բայց սա այն ճանապարհն է, որ ընտրած են եւրոպացիները», ըսած է Լաւրով:

«Սա ճանապարհ է, որ, ցաւօք, կը յիշեցնէ... Գիտէք, երբ սկսաւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը, Հիթլերը իր դրօշին տակ հաւաքեց եւրոպական երկիրներու զգալի մասը, եթէ ոչ մեծ մասը Խորհրդային Միութեան դէմ պատերազմի համար: Հիմա նոյնպէս, ներառեալ Եւրոմիութիւնը, ՆԱԹՕ-ի հետ կը հաւաքեն ժամանակակից դաշինք` Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ կռուելու եւ մեծ հաշուով պատերազմելու համար: Այս ամէնին մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք», ընդգծած է Լաւրով: