image

Դամասկոսի մէջ պարէտային ժամ կը գործէ

Դամասկոսի մէջ պարէտային ժամ կը գործէ

Ռազմական գործողութիւններու վարչութիւնը, որ դեկտեմբեր 8-ին յայտարարած է Սուրիոյ Դամասկոսի վերահսկողութեան եւ Պաշշար Ասատի ռեժիմի տապալման մասին, որոշած է պարէտային ժամ մտցնել մայրաքաղաքին մէջ։

Պարէտային ժամը պիտի գործէ տեղական ժամանակաով 16։00-էն մինչեւ 05։00-ն։

Յիշեցնենք՝ զինեալները յայտարարած են Դամասկոսը գրաւելու, Սուրիոյ վարչապետը՝ իշխանութիւնը փոխանցելու պատրաստակամութեան մասին։