Օրերս Լիբանանահայ գաղութի կարիքներուն հասնելու նպատակով դրամահաւաքի երեկոյ մը կայացած է Լոս Անճլըսի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լոս Անճըլսի իր աղբիւրէն։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ երեկոն կայացած է ազգային նուիրեալ բարերար Մայք Սարեանի ճիգերով, իսկ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի օրերս հիւրաբար Միացեալ Նահանգներ գտնուող ազգային գործիչ ՝ Տօքթ. Աւետիս Տագէսեանին։
Երեկոյի ընթացքին խօսքով հանդէս եկած է Մայք Սարեանը, որ կարեւորած է լիբանանահայութեան դերը եւ յոյս յայտնած որ գաղութը շնորհիւ հաւաքական ճիգերու պիտի կարողանայ այս օրերուն Լիբանանը հարուածող ծանր տագնապէն դուրս գալ եւ շրջանցել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։
Այստեղ տեղին է նշել, որ Մայք Սարեանի կողքին այս երեկոյի կազմակերպման գործին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած են համայնքային գործիչներ իրաւաբան ՝ Յովսէփ Կանիմեանն ու գործարար Գէորգ Հալէպլեանը, որոնք տարբեր առիթներով ալ իրենց նեցուկը բերած են լիբանանահայութեան։
Դարձեալ Arevelk.am ի տեղեկութիւններով հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն,ինչպէս նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներու։
Ի դէպ Սարեան, Կանիմեան, Տագէսեան եւ Հալէպլեան մանկութեան ընկերներ են եւ անոնց վաղեմի ընկերական անկեղծ կապը կարեւոր դեր ունեցած է սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան։
Աւելի քան որեւէ ժամանակ Լիբանանի հայկական համայնքին նեցուկ կանգնիլը այս օրերուն դարձած է անմասն մէկ կէտը համահայկական մեծ օրակարգին։
Վարձքը կատար բոլորին։