Այսօր` Հինգշաբթի, Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց Ժընինի մէջ յարձակմանժամանակ իսրայէլէան զօրքերու գնդակներէն երկու պաղեստինցի երիտասարդներու նահատակութեան եւ 14-ի վիրաւորուելու մասին` նշելով, որ վնասուածքներէն մի քանին լուրջ են:
Նախարարութիւնը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը արցունքաբեր կազ կիրառած են Ժընինի կառավարական հիւանդանոցի մերձակայքին, ուր կազը մտած է շտապօգնութեան բաժանմունք, ինչ որ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծած է բժշկական աշխատանքին մէջ:
Գրաւեալ Երուսաղէմի մէջ «Ալ Մայատին»ի թղթակիցը յայտնած է, որ իսրայէլեան ուժերը շրջափակած են Ժընինի մէջ տուն մը` յաւելելով, որ գաղթակայանի բնակիչները պատասխանած են մեծ ներխուժումներուն, որոնք յանգեցուցած են դաժան բախումներու:
Թղթակիցը յայտնած է, որ իսրայէլեան ուժերը ձերբակալած են Ժընինի մեծ թիւով բնակիչներ: Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ իսրայէլեան ուժերը դուրս եկած են Ժընին գաղթակայանէն: