image

Ազրպէյճան ներթափանցման փորձ կատարած է. Հայկական կողմը ունի երեք զոհ

Ազրպէյճան ներթափանցման փորձ կատարած է. Հայկական կողմը ունի երեք զոհ

29 Դեկտեմբերին առաւօտեան՝ ՀՀ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ արեւելք ինկած պետական սահմանի հատուածին՝ ազրպէյճանական զօրքերու ձեռնարկած յարձակման ներթափանցման փորձին հետեւանքով՝ հայկական կողմը ունի երեք զոհ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան նաեւ նշած է, որ զոհուածներէն երկուքը զինծառայողներ են, մէկը` սպայ:

Յիշեցնենք, որ իր դիմատետրի էջին Արծրուն Յովհաննիսեան այսօր գրած էր, որ «Դեկտեմբեր 29-ին առաւօտ կանուխ ՀՀ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ արեւելք ինկած պետական սահմանի հատուածին, ազրպէյճանական զօրքերը ձեռնարկած են յարձակման ներթափանցման փորձ: ՀՀ զինուած ուժերը մարտի բռնուած են հակառակորդի հետ: Կը կիրառուի դիպուկահարներու եւ նռնականետերու կրակ, որ կը շարունակուի: ՀՀ ԶՈւ լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը` կանխելով հակառակորդի ոտնձգութիւնները»: