image

«Այն ինչ որ այսօր կը պատահի միջազգային ոճիր է, որուն համար Ատրպէյճան պէտք է պատժուի». Եգիպտացի հանրայայտ իրաւագէտ՝ Դոկտ. Այման Սալամէի ահազանգը

«Այն ինչ որ այսօր կը պատահի միջազգային ոճիր  է, որուն համար  Ատրպէյճան պէտք է պատժուի». Եգիպտացի հանրայայտ իրաւագէտ՝ Դոկտ. Այման Սալամէի ահազանգը

 «Ըստ տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ հաստատուած տուեալներու՝ ատրպէյճանցիները՝ ըլլան անոնք պետական աշխատողներ, թէ հանրութեան լայն զանգուածներ, կտրած են Լաչինի միջանցքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մարզը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհն է։ Քաղաքացիական, միջազգային պատասխանատւութիւնը դրուած է Ատրպէյճանի վրայ։ Համաձայն պատասխանատւութեան կանոններուն, այդ կը սահմանէ նաեւ միջազգային քրէական պատասխանատւութիւն Ատրպէյճանի բոլոր գործադիր պաշտօնեաներու եւ այլ անհատներու հանդէպ, որոնք մարդասիրական միջազգային իրաւունքի կանոնագիրով չեն կատարեր իրենց պատասխանատւութիւնը»։

Հայ Դատի Եգիպտոսի մարմնի դիմատետրի պաշտօնական էջը հրապարակած է միջազգային օրէնքի մասնագէտ՝ փրոֆէսոր Այման Սալամայի յօդուածը՝ «Ատրպէյճանի միջազգային պատասխանատւութիւնը Լաչինի մարդասիրական միջանցքը կտրելու մէջ» խորագիրով, որ լոյս տեսած է «Ալ Նահար Նիուզ» արաբատառ պարբերականին մէջ, եւ նիւթին հայերէն թարգմանութիւնը՝ կը ներկայացնենք ստորեւ 

 

«Մարդասիրական միջանցք» եզրը, ինչպէս է պարագան «Լաչինի միջանցք»ին, կը նշանակէ ռազմական ներկայութենէն զերծ տարածք, որ պաշտպանուած է երրորդ կողմի մը կողմէ, սովորաբար ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու կամ բազմազգ ուժերու, որոնք տեղակայուած կ՚ըլլան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ համաձայնութիւն ստանալէ ետք։ Կարմիր խաչը կամ Կարմիր մահիկը կը հաստատուի գոյութիւն ունեցող հակամարտութեան վայրէն դուրս, որպէսզի քաղաքացիները հեռու մնան անոնց կեանքին սպառնացող վտանգներէն: Ասոր նպատակն է պաշտպանել քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ օգնութիւն եւ մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցել անոնց, երրորդ կողմի միջոցով: Կան նաեւ դատարկ վայրեր, որոնց համար հակամարտող կողմերը բանակցութեան մէջ են՝ երթուղիներ, անցումներ, եւ այլն, որոնք նոյնպէս կ՚օգտագործուին պատերազմէն տուժածներուն օգնութիւն, մասնաւորաբար առողջապահական ծառայութիւններ, սնունդ եւ ջուր մատակարարելու համար:

 

Մարդասիրական միջանցքները լաւագոյն լուծումն են մարդասիրական կազմակերպութիւններու համար՝ պատերազմէն տուժածներուն պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն տրամադրելու համար, քանի որ այդ կը պահանջէ բոլոր պատերազմող կողմերու հաւանութիւնն ու վստահութիւնը: Միջանցքներուն կը տրուի զանազան անուններ՝ «մարդասիրական անվտանգ միջանցքներ», «ապահով ապաստարաններ» կամ «մարդասիրական անվտանգ տարածքներ:

 

1949 թուականի Ժընեւի առաջին եւ չորրորդ միջազգային ժողովները հնարաւորութիւն տուած են ստեղծելու հիւանդանոցային եւ անվտանգութեան գօտիներ: Բացի այդ, Ժընեւի չորրորդ վեհաժողովը նախատեսած է չէզոքութիւն ստեղծելու հնարաւորութիւնը: Այս երկու տեսակի գօտիներու ստեղծման նպատակն է վիրաւորներուն, հիւանդներուն եւ քաղաքացիներուն զինուած հակամարտութիւններու վտանգներէն պաշտպանելն ու ապաստան հայթայթելը, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն, հիւանդներուն բուժօգնութիւն հասցնելը։ Այս օգնութիւնը կիրառուեցաւ, օրինակի համար՝ Պանկլատէշի ազատագրական պատերազմին, ինչպէս նաեւ Քամպոտիայի, Չատի, Կիպրոսի, Նիքարակուայի, Սըրի Լանքայի եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ զինեալ հակամարտութիւններու ժամանակ։ Մարդասիրական տարածքներու մեծ մասը ստեղծուած են գրաւոր համաձայնագիրներու հիման վրայ, որոնց սկզբունքն է, չյարձակիլ այն տարածքներու վրայ, որոնք ստեղծուած են որպէս ապահով ապաստարան՝ վիրաւորներու, հիւանդներու եւ քաղաքացիներու համար: 

 

Կան շարք մը մարդասիրական հիմնադրամներ եւ սկզբունքներ, որոնք կը կարգաւորեն մարդասիրական միջանցքներու ստեղծումն ու շահագործումը` հիմնուած Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի տեղակայման սկզբունքներու վրայ, որոնք մշակուած են միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ: Մարդասիրութեան սկզբունքը կը պահանջէ հնարաւորինս մեղմել տառապանքը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով բնակչութեան խոցելի խումբերուն: Անաչառութեան սկզբունք կը նշանակէ, որ օգնութիւնը հիմնուած է միայն կարիքի վրայ, ուստի այն պէտք չէ խտրականութիւն դնէ բնակչութեան՝ տարիքային, սեռային կամ կրօնական տարբերութեան միջեւ։ Չէզոքութեան սկզբունքը կ՚արգիլէ հակամարտող կողմերուն նպաստել կամ կողմ մը բռնել։ Օգնութիւն ցուցաբերող կազմակերպութիւններու չէզոքութիւնը շատ կարեւոր է օգնութիւն ցուցաբերողներու անվտանգութեան համար:

 

1977 թուականի Ժընեւի վեկաժողովին կից առաջին լրացուցիչ արձանագրութիւնը, լրացնելով դրոյթները՝ կը սահմանէ, որ «օգնութիւնն ու օգնութեան առաջարկները» պէտք չէ դիտարկուին հակամարտութեան որպէս միջամտութիւն, յատկապէս, եթէ անոնք կը բաւարարեն չէզոքութեան եւ անկողմնակալութեան պայմանները։ Սակայն այս սկզբունքը նոյնպէս սահմանափակուած է, քանի, որ մուտքագրման համաձայնութիւնը տուող պետութիւնը, կրնայ սահմանել որոշակի սահմանափակումներ եւ ստուգել եւ ուսումնասիրել օժանդակ միջոցները եւ անձնակազմի տուեալները:

 

Ըստ տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ հաստատուած տուեալներու՝ ատրպէյճանցիները՝ ըլլան անոնք պետական աշխատողներ, թէ հանրութեան լայն զանգուածներ, կտրած են Լաչինի միջանցքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մարզը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհն է։ Քաղաքացիական, միջազգային պատասխանատւութիւնը դրուած է Ատրպէյճանի վրայ։ Համաձայն պատասխանատւութեան կանոններուն, այդ կը սահմանէ նաեւ միջազգային քրէական պատասխանատւութիւն Ատրպէյճանի բոլոր գործադիր պաշտօնեաներու եւ այլ անհատներու հանդէպ, որոնք մարդասիրական միջազգային իրաւունքի կանոնագիրով չեն կատարեր իրենց պատասխանատւութիւնը։

Մարդասիրական միջազգային իրաւունքի հիմնական պարտականութիւններէն մէկն է «հնարաւորինս նուազեցնել պատերազմին բնորոշ տառապանքը»: Ուստի վիրաւորներու եւ հիւանդներու պաշտպանութիւնը եղած է մարդասիրական իրաւունքի հիմքերէն մէկը: Վիրաւոր եւ հիւանդ զինուորականները եւ անոնց խնամող բուժանձնակազմը «պաշտպանուած անձեր»ու առաջին դասակարգը կը կազմեն, որոնք կ՚օգտուին 1864 թուականի Ժընեւի վեհաժողովի իրաւական յատուկ պաշտպանութենէն: 

 

Ժընեւի առաջին վեհաժողովի 12-րդ յօդուածը կը վերաբերի հակամարտող կողմերու զինուած ուժերու վիրաւոր եւ հիւանդ անդամներուն կամ այլ անձերու, որոնք ռազմագերիի իրաւական կարգավիճակ պահանջելու իրաւունք ունին ։ 

 

Վիրաւորներուն եւ հիւանդներուն մարդասիրաբար վերաբերելու պարտաւորութիւնը եւ անոնց բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու պարտաւորութիւնը պարտադիր է ոչ միայն Ժընեւի վեհաժողովներով եւ անոնց լրացուցիչ արձանագրութիւններով, այլեւ մարդասիրական համաշխարհային իրաւունքով, եւ այս երկու հիմնարար պարտաւորութիւնները կը կիրառուին միջազգային եւ տեղական գետնի վրայ՝ անկախ անկէ, թէ վիրաւորը կամ հիւանդը զինուորական է կամ քաղաքացի։

 

Եզրափակելով նշենք, որ Սթրասպուրկի՝ Ֆրանսիայի, մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կողմէ տրուած պարտադիր դատական որոշումը, որ Ատրպէյճանը կը պարտաւորեցնէ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, բուժման նպատակով ապահովելու համար հիւանդներու տեղափոխումը «Լաչինի միջանցքով» դէպի Հայաստան, կը հաստատէ, թէ Ատրպէյճանը՝ մարդասիրական միջազգային իրաւունքի սահմանած օրէնքները խախտած է եւ իր պարտաւորութիւնները չէ կատարած։

 

Թարգմանութիւնը «Արեւելք»ի համար կատարեց՝ Ն.Տ.