image

Արցախեան լեռ ու ձորը կ'ողողէիր խրոխտ երգովդ...

Արցախեան լեռ ու ձորը կ'ողողէիր  խրոխտ երգովդ...

Լիբանանահայ խմբավար, երաժիշտ, հասարակական  գործիչ՝  Զաքար  Քէշիշեան կը գրէ .

 

Իսկ վերջին անգամ հանդիպեցանք Շուշիի նոր ձեռք բերած տանդ մօտ։ Լծուած էիր վերանորոգման տենդագին աշխատանքի։ 

Ի՜նչ հեռանկարներ ունէիր...

Մինչ մեր ծննդավայր Այնճարը կը պատրաստուի տօնակատարել Մուսա Լեռան հերոսամարտի օրը, 

Քիչ ետք սկսող «Երգող Արցախ»ի աշակերտական համերգաշարը կը ձօնեմ նաեւ քու յիշատակիդ։ 

Դուն, որ մեծ նուիրումով արցախեան լեռ ու ձորը կ'ողողէիր  խրոխտ երգովդ՝ մինչեւ գերագոյն նուիրաբերումիդ օրուան հասնիլդ...