image

Առանց վերապահումներու կ՚աջակցիմ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան․ Քոպախիձէ

Առանց վերապահումներու կ՚աջակցիմ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան․ Քոպախիձէ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն յայտարարած է, որ առանց վերապահումներու կ՚աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան։ Այդ մասին Քոպախիձէն ըսած է մարտ 25-ին Երեւանի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

«Ես արտայայտեր եմ իմ երախտագիտութիւնը իմ գործընկեր վարչապետ Փաշինեանին, որ կ՚աջակցի Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան։ Ես, ի հարկէ, առանց վերապահումներու կ՚աջակցիմ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան»,-յայտարարած է Վրաստանի վարչապետը։

Քոպախիձէի խօսքով՝ Վրաստանը կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն, խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։

«Ընդգծեր եմ համատեղ ջանքերու կարեւորութիւնը, որ կարողանանք պայքարիլ տարածաշրջանի մարտահրաւէրներու դէմ։ Մենք, իսկապէս, յոյսով ենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի։ Վրաստանը պատրաստ է դրականօրէն աջակցելու այդ գործընթացին»,- նշած է ան։