image
Հրատապ լուրեր:

Անգարա. Յարձակումներ սուրիացի փախստականներուն դէմ

Անգարա. Յարձակումներ սուրիացի փախստականներուն դէմ

Թրքական իշխանութիւնները կալանաւորած են 76 մարդ զանգուածային յարձակման պատճառով Անգարայի այն շրջանին վրայ, ուր կ'ապրին մեծ թիւով սուրիացիներ, կը տեղեկացնէ Ahval-ը, յղում կատարելով ոստիկանութեան մայրաքաղաքի վարչութեան։

Անգարայի ոստիկանութեան տուեալներով՝ կասկածեալներէն 38-ը մինչ այդ դատուած եղած է կողուպուտի, մարմնական վնասուածքներ պատճառելու եւ թմրանիւթերու հետ կապուած յանցագործութիւններու պատճառով։

Կալանաւորուածներէն ոմանք կալանքի տակ վերցուած են «ընկերային համացանցերով ապատեղեկատուութեան փոխանակման» համար, տեղեկացուցած են վարչութենէն։

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օր ամբոխը գրոհած է սուրիացիներուն տուները եւ ձեռնարկութիւնները Անգարայի Ալթընդաղ բանուորական շրջանի, ուր երկու օր առաջ երկու երիտասարդ թուրք տղամարդ վիրաւորուած էր տեղի թուրքերու եւ սուրիացիներու միջեւ ծեծկռտուքի ժամանակ։ Երիտասարդներէն մէկը՝ 18-ամեայ Էմիրհան Եալչընը, երեքշաբթի օր մահացած է հիւանդանոցը, իսկ սուրիացի երկու քաղաքացի ձերբակալուած Անգարայի դատարանի կողմէն, առաջին աստիճանի սպաննութեան պատճառով։

Չորեքշաբթի գիշեր ոստիկանները փորձած են կանգնեցնել փողոց իջած հարիւրաւոր մարդիկ։ Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ, որ նկարահանուած է անկարգութիւններու ժամանակ, կ'երեւի, թէ ինչպէս սպաներէն մէկը կ'ուղղորդէ ամբոխը եւ խորհուրդ կու տայ, թէ ինչպէս վարուին։