Ուաշինկթըն կոչ ըրած է Անգարային դադրեցնելու Ռուսիայէն ուժանիւթակիրներու գնումը, ըսուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի երէկուան հանդիպումէն ետք։
«Միացեալ Նահանգները ընդգծած է նախագահ Թրամփի կոչը ՆԱԹՕ-ի բոլոր դաշնակիցներուն՝ դադարեցնելու ռուսական ուժանիւթակիրներու գնումը՝ Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմին վերջ դնելու համար», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Չինաստանէն եւ Հնդկաստանէն ետք Թուրքիան ռուսական նաւթի երրորդ խոշորագոյն գնորդն է։ Bloomberg-ի տուեալներով՝ այն օրական կը ներմուծէ մօտ 300,000 պարել։ Թուրքիան նաեւ «Կազփրոմ»էն կը գնէ մօտ 22 միլիառ խորանարդ մեթր կազ, որ հանրապետութիւն կը մատակարարուի «Կապոյտ հոսք» եւ «Թրքական հոսք» խողովակաշարերով։
«Կազփրոմ»ի եւ թրքական պետական «Պոթաշ» ընկերութեան միջեւ գործող պայմանագրերու ժամկէտը կը լրանայ դեկտեմբեր 31-ին։ Կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն երկարաժամկէտ պայմանագրերու երկարաձգման շուրջ՝ պահպանելով այդ ծաւալները, յայտնած են Bloomberg-ի աղբիւրները։