image
Հրատապ լուրեր:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնած է Զուիցերիա

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնած է Զուիցերիա

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ  կազմակերպած միջազգային համաժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ 

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ "CIVILNET" կայքէջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, 26 Մայիսին մեկնեցաւ Պերն (Զուիցերիա)՝ մասնակցելու համար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ  կազմակերպած «Կրօնական Ազատութիւն․ հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրով միջազգային համաժողովին։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռի մամուլի ծառայութիւնը։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ժողովականներուն պիտի յղէ իր ուղերձը:

Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան կազմին մէջ են Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Հովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Պարթեւ եպիսկոպոս Բարսեղեան եւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ․ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան։