image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւի նշանակած դատախազը սքանտալի կիզակէտին

Ալիեւի նշանակած դատախազը սքանտալի կիզակէտին

Պաքուի կեդրոնին մէջ՝ արդիական բնակելի համալիրին մէջ, Պինակատիի շրջանային դատարանի դատաւոր Զամիք Պաղիրովը վանտալիզմի գործողութիւն կատարած է։

Ինչպէս հաղորդուած է, համացանցի մէջ տարածուած նիւթերէն կ'երեւայ, թէ ինչպէս Պաղիրով կը կոտրէ վերելակի կոճակները։ Բարձրաստիճան պաշտօնեայի այս պահուածքի պատճառը դեռ յայտնի չէ։ Զամիք Պաղիրովը դատաւոր նշանակուած է Ատրպէյճանի նախագահի 2023 թուականի 12 յունուարի հրամանով։