Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սայիտ Հասան Նասրալլա անդրադարձած է «Ալ Աքսա» մզկիթի վերջին իրադարձութիւններուն՝ ըսելով, որ «Ալ Աքսա»ին հասած որեւէ վնաս տարածաշրջանին մէջ պիտի յանգեցնէ մեծ պայթումի, վստահեցնելով, որ «այդ պիտի ունենայ անցանկալի հետեւանքներ»: Սայիտ Նասրալլա նշած է, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր ընտրութիւնը կատարած է` պատասխանել «Ալ Աքսա» մզկիթին հասցուած որեւէ վնասի:
Նասրալլա ըսա/ է, որ «թշնամին ճգնաժամի մէջ է եւ կը տառապի ներքին սուր պառակտումէ, եւ երբեք այսքան թոյլ եղած չէ», ընդգծելով, որ «թշնամիին կառավարութիւնը պէտք չէ որեւէ քայլ կատարէ, որ աղէտալի հետեւանքներ ունենայ իր ժամանակաւոր գոյութեան համար»:
Ան ողջունեց դիմադրութեան մարտիկները, որոնք «տօնի տէրերն են», կոչ ընելով սպասել, ուշադրութիւն ընել եւ նախապատրաստուիլ այն ամէն ինչին, որ կրնայ տեղի ունենալ եւ մեծ հետեւանքներ յառաջացնել տարածաշրջանին վրայ, եւ այս կախուած է «թշնամիին յիմարութենէն», ինչպէս ըսած է Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղարը:
Միւս կողմէ, աւելի վաղ, «Արեւելք» Al Mayadeen կայանէն տեղեկութիւն ստացած էր, որ «վերջին օրերին պաղեստինեան դիմադրութիւնը մի քանի բանակցութիւններ վարած է միջնորդներու հետ` կապուած Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրականացուող սադրանքներուն հետ»:
Ըստ աղբիւրին, «Դիմադրութիւնը միջնորդներուն տեղեկացուցած է, որ պիտի չլռէ իսրայէլեան ուժերու սադրանքներուն եւ Երուսաղէմի մէջ նոր իրողութիւններ պարտադրելու փորձերուն եւ թոյլ պիտի չտայ վերաբնակիչներուն անկարգութիւն կատարել Երուսաղէմի եւ անոր փողոցներուն մէջ»:
Դիմադրութիւնը ընդգծած է, որ «նման սադրանքներուն պատասխանը պիտի ըլլայ բոլոր հրապարակներէն, ներառեալ Կազան», նշելով որ «բոլոր տարբերակները դիմադրութեան սեղանին վրայ են` իսրայէլեան ուժերու սադրանքներուն դիմակայելու համար, ներառեալ ռազմական տարբերակը»: