image

3 ամիս ետք «Թալեպան» պիտի կարողանա՞յ գրաւել Քապուլը

3 ամիս ետք «Թալեպան»  պիտի կարողանա՞յ գրաւել Քապուլը

Ծայրայեղական «Թալեպան» շարժման զինեալները 30 օրէն կրնան մեկուսացնել Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլը, իսկ 90 օր անց թերեւս գրաւեն այն:

Այս մասին Reuters-ին յայտնած է ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը՝ յղում ընելով ամերիկեան հետախուզական տուեալներուն: Աղբիւրը, որ ուզած է մնալ անանուն, յայտնած է, որ հետախուզութիւնը նման գնահատական տուած է՝ հաշուի առնելով վերջին օրերուն թալեպներու գրանցած յաջողութիւնները: «Սակայն սա կանխորոշուած եզրակացութիւն չէ»,- աւելցուցած է պաշտօնեան՝ նշելով, որ աֆղան ուժայինները կրնան փոխել իրավիճակը՝ աւելի մեծ դիմադրութիւն ցույց տալու պարագային:

Իսլամիստներն այժմ կը վերահսկեն Աֆղանիստանի 65 տոկոսը եւ գրաւած են կամ կը սպառնան գրաւել 11 շրջաններու մայրաքաղաքները: