image

Սուրիան եւ սուրիացիները միշտ իմ աղօթքներուս մէջ են. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան

Սուրիան եւ սուրիացիները միշտ իմ աղօթքներուս մէջ են. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան

Արաբատառ   «Ալ Ալամ»    կայքը  հարցազրոյց մը  ունեցած  է Հայաստանեայց   Առաքելական  Եկեղեցւոյ   Իրանի (նստավայրը ՝ Թեհրան)   Թեմի Առաջնորդ   Տ.   Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի  հետ:  Իր  շահեկանութեան  համար    արաբերէնէ  թարգմանելով եւ որոշ յապաւումներով   կը  հրապարակենք  հարցազրոյցը:

 

Իրանի ժողովուրդի բաղադրիչներուն մէջ իր տեղը ունի նաեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն մը: Իրանի Հայոց Առաքելական համայնքի սրբազան Սեպուհ Սարգիսեան  անդրադառնալով քրիստոնեայ տարրի գոյութեանը Իրանի մէջ, ըսած է.«Քրիստոնեայ համայնքը թիւով փոքր է, սակայն այդ մէկը չի նշանակէր, որ ան տկար է, եւ  ամենակարեւորը՝  տկարացուած. հաւանաբար քրիստոնեաները Լիբանանին մէջ աւելի հալածուած զգան, քան՝ Իրանի, եւ կոչ թէ ինչպէս կ'ըսէ տիրող  քարոզչութիւնը, որ ընդհանրապէս կապ չունի իրականութեան հետ. մենք Իրանի մէջ կ'ապրինք որպէս քրիստոնեաներ, ուր մեր քաղաքացիութիւնը ամբողջական է»: Սարգիսեան, որ 17 տարիներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը վարէ  Իրանի մայրաքաղաքին մէջ, կ'ըսէ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները Իրանի մէջ «քաղաքացիներ են, եւ սա է կարեւորը: Իրանեան հասարակութեան բաղադրիչներուն միջեւ ընդհանուր յայտարարը  քաղաքացիութիւնն է, օրինակ՝ միջազգային շրջափակման  օրերուն տնտեսական տագնապը բոլորին  համար նոյն հարուածը տուաւ, եւ այդ հարցի ակնակալուած դրական լուծման բարիքները պիտի արտացոլան բոլորին վրայ հաւասարապէս»:Սարգիսեան  կ'աւելացնէ. «Իրանը միակ երկիրն է, որ կը յարգէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ      այդ մէկը կը կատարէ  իր սահմանադրութեամբ: Պետական ​​պիւտճէի իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ժամանակ, կը վերահսկուի փոքրամասնութիւններու նիւթական իրաւունքները: Այստեղ գաղափարը, անկախ գումարի քանակէն, երեւոյթին մասին է: Տակաւին չենք նշեր, , որ պետութիւնը, անկախ կրօնէ, կը հոգայ կրօնատեղիներու նորոգման ծախսերը, ըլլան անոնք եկեղեցիներ, տաճարներ կամ մզկիթներ»:Ըստ       Սեպուհ Արքեպիսկոպոսին  « խօսքը «վարդագոյն կեանք» մը վարելուն չի վերաբերիր, այլ «գետնի վրայ եղած գործնական եւ շօշափելի իրականութեանը»:  Ան  նաեւ  կը գտնէ, որ «Արեւմուտքը, երբեմն միտումնաւոր կերպով , կ'անտեսէ այս փաստը, սակայն անտեսելով կարելի չէ հերքել առկայ ճշմարտութիւնը»:

Սարգիսեան կ'ըսէ. «Իրանը դրախտ մը չէ, բայց ան դժոխք ալ չէ» եւ կը պարզաբանէ, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին Իրանի մէջ 1700 տարուան պատմութիւն ունի. «Քրիստոնեաները ելեւէջներ ապրած են, սակայն անոնք իրանեան յեղափոխութենէն ետք հալածանքի չեն ենթարկուած»:

Սրբազանը, որուն  արմատները  կու գան  Սուրիայէն կ'ըսէ ՝«Ես սուրիացի եմ  եւ հպարտ եմ իմ պատկանելիութեամբ»: Անոր արմատները կը հասնին մինչեւ Գամիշլի, եւ ան ցաւ կ'ապրէ ի տես իր մայր երկրի տառապանքներուն,  եւ ուր  չէ այցելած 2011-էն ի վեր: «Ես սուրիացի եմ եւ հպարտ՝ իմ քաղաքացիութեամբ. Սուրիան եւ սուրիացիները միշտ իմ աղօթքներուս մէջ են: Մեր հաւատքը մեզ կը պարտաւորեցնէ  լաւատես ըլլալ եւ յոյս ունենալ, որ տեղի ունեցող թիւրիմացութիւնն ու հալածանքները շուտով պիտի դադրին»:

Խօսելով ահաբեկչութեան մասին, ան մեկնաբանած է՝ «Իրանը, կառավարութեամբ ու ժողովուրդով, դէմ է ահաբեկչութեան, քանի որ ան կը հաւատայ համատեղ գոյակցութեան, եւ մենք, որպէս եկեղեցիներ, կը մերժենք ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը, որ ոչ մէկ կապ ունի  իսլամի  ու իսլամութեան  հետ »:

Այս ծայրայեղականութեամբ յագեցած ժամանակներուն, Սարգիսեան  Սրբազան իր  ուրախութիւնը կը յայտնէ, կապուած պատրիարք Քիրիլի եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի միջեւ կայացած «պատմական» հանդիպման մասին, նշելով, որ որեւէ հանդիպում այդ երկու անձնաւորութիւններու միջեւ «դրական անդրադարձ պիտի ունենայ քրիստոնեաներու եւ աշխարհի վրայ», սակայն, ան կը յուսար, որ այդ «հանդիպումը ըլլար Վատիկանի կամ Մոսկուայի պատրիարքարանի նստավայրին մէջ, եւ ոչ թէ օդակայանի սրահին մէջ»:

Իրանի մէջ կ'ապրին մօտ 100 հազար քրիստոնեաներ, որոնց շարքին է `80 հազար հայ ուղղափառ համայնքը: Անոնց մեծամասնութիւնը, կամ շուրջ 60 հազարը կ'ապրին  մայրաքաղաք Թեհրանի  մէջ, ուր անոնք ունին 19 դպրոցներ եւ 11 եկեղեցիներ, որոնցմէ ամենամեծը Ս. Սարգիսն է: Թեհրանահայերը ունին նաեւ 29 ՝ մշակութային, ընկերային մարզական եւ բարեսիրական բնոյթի ակումբներ, ինչպէս նաեւ այնտեղ կան աշխարհի ամենահին երկու եկեղեցիները:

Իրանի մէջ քրիստոնեաները եւ միւս   տարբեր  փոքրամասնութիւնները ունին իրենց քաղաքական ներկայութիւնը, որ  ճանչցուած է սահմանադրութեամբ: Իրանի  իսլամական հանրապետութեան   խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին յատկացուած է    3 աթոռ ՝  2 հայ ուղղափառ եւ 1 ասորի , ինչպէս նաեւ մէկական աթոռ՝ հրէաներուն եւ զրադաշտականներուն: