| Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը այսա առաւօտ բարձրացաւ 178-ի |
Պէյրութի պայթումին հետեւանքով մեծ թիւով ծանր վնասներու ենթարկուած շէնքեր կանգնած են փուլ գալու վտանգին առաջ։
Այս մասին կը հաղորդէ Alkalimaonline կայքը, որ յղում կատարելով պէյրութեան իր աղբիւրներուն, նաեւ կը նշէ, որ մեծ թիւով շէնքեր կան, որոնք ստացած են ահաւոր վնասներ ու անոնց վերանորոգումը խիստ կասկածելի է:
Կայքը կը գրէ, որ պետական մարմիններ արգիլած են Պէյրութի նաւահանգիստին շուրջ եղող ջուրերուն մօտենալ, կամ նոյնիսկ ձկնորսութիւն ընել՝ ծովային ջուրի թունաւորման մեծ հաւանականութեան պատճառով։
Յիշեցնենք, որ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը այսա առաւօտ բարձրացաւ 178-ի, երբ ԱԻՆ մարմինները նաւահանգիստի փլատակներուն տակէն դուրս բերին 3 անձերու դիակները։