«Քորոնա» վարակէն բուժուած հալէպահայ լուսանկարիչ ՝ Անտրէ Եագուպեան գրառում մը կատարելով պատմած է, իր ապրած ծանր փորձառութեան մասին:
Ան դիմատետրի իր էջին միջոցաւ ուզած է կիսել իր փորձառութիւնը եւ մասնաւորապէս գրած. «Ծանր օրեր էին, իրապէս ծանր եւ դժուար օրեր։ Քսան օրերու ընթացքին ամէն ինչ փոխուած էր, ո'չ համ, ո'չ հոտ, նոյնիսկ գոյներն ու զգացումները փոխուած էին...։ Հիմա արդէն անցուցած եմ այդ դժուարին փուլը եւ այդ օրերը կը յիշեմ, որպէս ապրուած մղձաւանջ»։
Հալէպահայ արուեստագէտ- լուսանկարիչը նաեւ յորդորած է է բոլորին «լուրջի առնել» այս հիւանդութիւնը եւ գործի դնել առողջապական մարմիններիու կողմէ տրուած խորհուրդ-թելադրանքները։
Յիշեցնենք, որ Հալէպ քաղաքի պատմական կէտերը եւ տեսարժան վայրերը լուսանկարած մեր հայրենակիցը յայտնի անուն է նաեւ Հալէպէն դուրս եւ անոր ոսպնեակով առնուած մեծ թիւով լուսանկարներ մաս կազմած են Հալէպի մասին պատմող ալպոմներու։