Լիբանանի կառավարութիւնը գլխաւորութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի հրաժարական ներկայացուց։
Այս մասին տեղեկութիւնը առաջինը հաղորդեց երկրի առողջապահութեան նախարար ՝ Համատ Հասան, որ դուրս գալով վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած նախարարաց խորհուրդի արտահերթ նիստէն կարճ զրոյց մ՚ունեցաւ լրագրողներուն հետ։
Կը նշուի նաեւ, որ երկրի արդէն հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ քիչ անց կարճ ուղերձ մը պիտի յղէ լիբանանցիներուն։