image

Հալէպ. «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է հայ բժշկուհի Մունա Ֆաթթալը

Հալէպ. «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է հայ բժշկուհի Մունա Ֆաթթալը

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բժշկուհի Մունա Ֆաթթալը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

Մեր ունեցած տուեալներով,  բժշկուհին մասնագէտ է ներքին հիւանդութեանց եւ Հալէպի ամենածանր օրերուն անգամ շարունակած էր իր ծառայութիւնը մատուցել համայնքի զաւակներուն։

«Քորոնա»ի մոլեգնումին հետեւանքով եւ բժշկուհի շիջումով Հալէպի մէջ վարակին հետեւանքով մահացած հայորդիներուն թիւը կը հասնի 16-ի։

Նոյն պարագաներու տակ օրեր առաջ մահացած էին բժիշկ Ճանի Հատտատն ու դեղագործ ՝ Ժոզէֆ Պաղտասարը։