Հալէպի մէջ ծանր իրավիճակ կը տիրէ՝ կապուած «Քորոնա» վարակի տարածման հետ: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան։
Վերապատուելին, պատասխանելով Սագօ Արեանի հարցումներուն, նաեւ նշեց, որ Աւետարանական համայնքը գործնական մեծ ճիգեր կը գործադրէ եւ կը մասնակցի համավարակի դէմ գոյացած ընդհանուր պայքարին։
Վերապատուելի Սելիմեան, դիտարկելով Սուրիոյ եւ Հալէպի ընդհանուր դրութիւնը, նաեւ դիտել տուաւ, որ «Քորոնա» վարակը ինչ-որ չափով կասեցուց Հալէպի վերականգնումին միտուած բոլոր մակարդակի ճիգերը։
Վերապատուելին նկատել տուաւ, որ տարբեր ժամանակներու եղած բազմապիսի պատերազմներէն ետք ալ եղած են գաղութներ, որոնք կառչած են իրենց ինքնութեան եւ Հալէպը այն բացառիկ համայնքներէն է, որ հակառակ բոլոր մակարդակի դժուարութիւններուն, պիտի շարունակէ իր գոյերթը։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Վերապատուելի Սելիմեան նշեց, որ ինք կը հաւատայ, որ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ այդ մէկն արդէն պէտք է դառնայ անվիճելի. ան այս առումով ըսաւ. «Մենք համընդհանուր ճիգերը իրար միացնելով դարձեալ ոտքի պիտի կանգնինք եւ պիտի յենինք յստակ ազգային միացեալ ռազմավարութեան մը վրայ»:
Մանրամասնութիւնները ՝ տեսանիւթով։