image

«Աւետարանչականը պիտի շարունակէ աջակցիլ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն» Զաւէն Խանճեան (Տեսանիւթ)

«Աւետարանչականը  պիտի շարունակէ աջակցիլ Միջին Արեւելքի  հայկական գաղութներուն» Զաւէն Խանճեան (Տեսանիւթ)

Զաւէն Խանճեանի կարծիքով Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները մեծ ներդում ունեցած են հայկական կեանքի ընդհանուր խճանկարին մէջ։

Խանճեան, որ այս մասին խօսած է Սագօ Արեանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նկատել տուած է , որ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական սփիւռքը շատ մեծ դեր ունեցած է ամբողջ հայ ժողովուրդին համար։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Խանճեան խոր մտահոգութիւն յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի տիրող իրավիճակին կապակցութեամբ, նշելով նաեւ, որ ինք տարբեր առիթներով այս խնդրին անդրադարձած է, ըսելով, թէ այսօր հայութեան համար կը պակսի վտանգուած համայնքներու համար նախատեսուած ազգային ծրագիր մը։

Շեշտը դնելով կրթական ոլորտներուն մէջ ԱՀԱԸ-ի ունեցած ներդրումին՝ ան նշած է, որ իրենց համար այսօր սփիւռքեան գաղութներուն մէջ կատարուած եւ կատարուող աշխատանքներու կողքին Հայաստանը ունի առաջնային տեղ վստահեցնելով, որ ԱՀԱԸ-ն այս առումով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։

 

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.