Սագօ Արեան
Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ին: Լրագրութիւնը իր համար հաւէս բան է, մանաւանդ երբ գիրը կը ճախրէ առանց տեղի տալու խմբագիրներու մկրատին: Հեղինակ է երկու բանաստեղծական գիրքերու: Տպագրութեան կը սպասէ երրորդ՝ «Թափուր պարտէզ» հատորը, ինչպէս նաեւ՝ «Գում Գաբու կամ հայաստանցիներու «դրախտը» գիրքը: Չի հաւատար, որ «լեզուն հայրենիք է»:Արտայայտուելու հիմնական միջոցն արեւմտահայերէնն է: