image

Զօրամասի կացարանի հրդեհի գործով մեղադրեալ սպան 2 ամսով կալանաւորուած է

Զօրամասի կացարանի հրդեհի գործով մեղադրեալ սպան 2 ամսով կալանաւորուած է

Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած զօրամասի ճարտարապետասակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի գործով մեղադրեալ սպայ Եղիշէ Յակոբեանը 2 ամսով կալանաւորուած է: Այս մասին Sputnik Արմենիային յայտնած է Յակոբեանի պաշտպան Յովսէփ Սարգսեանը:

Երէկ Եղիշէ Յակոբեանը Մուրացանի զինուորական հիւանդանոցէն ձերբակալուած է եւ դատարան տարուած։

«Մենք բողոքարկելու ենք, որովհետեւ կարծում եմ որ որշումը իրաւական ու փաստական հիմնաւորումներ չունի կալանքի վերաբերեալ»,–ըսած է պաշտպանը

Նշենք, որ ըստ ՀՀ քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան՝ սպայ Եղիշէ Յակոբեանը Ազատ գիւղի կացարան 5 լիթրանոց տակառով պենզին բերած է` այն որպէս կպչան օգտագործելու համար, պենզինը լեցուցած է վառարանի մէջ, որն ալ 15 զինծառայողի կեանք խլած հրդեհի պատճառ դարձած է։