image

Զելենսքին խօսած է «հնարաւոր լուծման» մը մասին

Զելենսքին խօսած է  «հնարաւոր լուծման» մը մասին

Ուքրանիան «հնարաւոր լուծում» ունի Ղրիմի, Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովդական հանրապետութիւններուն ճանաչման խնդիրին վերաբերեալ: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր:

Ան յաւելած է, որ «իրենք պատրաստ չեն Ռուսաստանի վերջնագրերուն` կապուած ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու ձգտումէն հրաժարելու եւ Ղրիմը, Տոնեցկը եւ Լուկանսքը ճանչնալու հետ»:

Զելենսկին կրկին երկխօսութեան կոչ ըրած է ռուսական կողմին․

«Ես կը խօսիմ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին: Կը կարծեմ, որ մենք կրնանք քննարկել ժամանակաւոր գրաւուած տարածքներու եւ չճանչցուած հանրապետութիւններուն կէտերը, որոնք ոչ ոք կը ճանճանչնայ, բացի Ռուսաստանի Դաշնութենէն, եւ փոխզիջում գտնել», ըսած է Զելենսքին:

«ՆԱԹՕ-ի հետ կապուած... ես կորսնցուցի հետաքրքրութիւնս այս հարցին նկատմամբ այն բանէն յետոյ, երբ հասկցայ, որ ՆԱԹՕ-ն պատրաստ չէ ընդունելու Ուքրանիան: Դաշինքը կը վախնայ հակասական բաներէ եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ առճակատումէ», յաւելած է Զելենսքին:

Պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Ուքրանիան պատրաստ է ընդունելու Ռուսաստանի Դաշնութեան հրադադարի պահանջները, Զելենսքին ըսած է. «Առաջին հերթին ես պատրաստ եմ երկխօսութեան, բայց մենք պատրաստ չենք անձնատուութեան»: