image

Լոլա Տէ Սիլվա. «Ռուսիան պատրաստ է դիւանագիտական լուծման»

Լոլա Տէ Սիլվա. «Ռուսիան պատրաստ է դիւանագիտական լուծման»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լոլա Տէ Սիլվայի հետ, այս մասին յայտնած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը։  

Ռուսիոյ նախագահը գնահատական տուած է Ոքրանիոյ շուրջ իրավիճակի զարգացման միեւնոյն ժամանակ հաստատելով «ռուսական կողմի բաց ըլլալը քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհով երկխօսութեան համար, որ դեռ արգելափակուած է Քիեւի եւ անոր արեւմտեան հովանաւորներու կողմէ»։

Պրազիլի նախագահը «ուրուագծած է իր տեսլականը հնարաւոր միջնորդական ջանքերու վերաբերեալ՝ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կարգաւորելու ուղիներ գտնելու համար»։

Լոլա Տէ Սիլվան նոյնպէս կիսուած է Եօթնեակի վերջին գագաթնաժողովի իր տպաւորութիւններով։