Եթէ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ուզէ միջուկային զէնք կիրառել, ան կ'օգտագործէ այն, անկախ անկէ, թէ Ուքրանիան ինչ քայլերու կը ձեռնարկէ։ Այս մասին ըսած է Վլատիմիր Զելենսքին՝ ֆրանսական TF1 եւ LCI հեռուստաալիքներուն տուած հարցազրոյցին։
«Եթէ Փութինը որեւէ պահի որոշէ միջուկային զէնք օգտագործել, այդ կախուած չըլլար Զելենսքիի Ղրիմը ետ վերցնելու ցանկութենէն», -ըսած է նախագահը՝ անգամ մը եւս շեշտելով, որ այդ կապուած չէ Ուքրանիոյ քայլերու հետ։
«Փութինը, եթէ ուզէ միջուկային զէնք օգտագործել, կ'օգտագործէ այն... Պարզապէս կարելի չէ վստահիլ մարդոց, որոնք ինչ-որ բան կ'ըսեն, բայց կը վարուին այնպէս, ինչպէս իրենք կ'ուզեն»,- ըսած է Զելենսքին։
Ան նշած է, որ Փութինը կը գործէ այնպէս, ինչպէս իրեն յարմար է։
«Եւ եթէ աշխարհը թուլացնէ աջակցութիւնն Ուքրանիոյ, ան կ'օգտագործէ ցանկացած զէնք»,- աւելցուցած է Զելենսքին։