Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի տեսաուղերձով դիմած է Իտալիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներուն: Ան ըսած է, որ իր երկիրը հիմա մահուկենաց կռիւ կը մղէ եւ գոյատեւման եզրին է:
«Այսօր առաւօտեան զրուցեցի Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Ան շատ կարեւոր խօսքեր ըսաւ. «Ես կը հասկնամ, որ դուք կը ձգտիք խաղաղութեան, որ հիմա ձեզ կը պաշտպանէք, որ ձեր զինուորները երկիրը կը պաշտպանեն, ժողովուրդը կը կռուի յանուն հայրենիքի»:
«Ես պատասխանեցի Ֆրանչիսկոս պապին, ըսի, որ հիմա ժողովուրդն է մեր զինուորը», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Անոր խօսքով, Ուքրանիոյ մէջ Փութինի յաղթանակի պարագային, Մոսկուայի յարձակման միւս թիրախները եւրոպական միւս երկրները պիտի դառնան:
Զելենսքիի ուղերձին արձագանգած է Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակին, որ ընդգծած է, որ Իտալիան մշտապէս Ուքրանիոյ հետ է, կը սատարէ եւ կը փափաքի Ուքրանիան տեսնել Եւրոմիութեան կազմին մէջ:
«Ռուսաստանի կառավարութեան ամբարտաւանութիւնը բախած է ուքրանացի ժողովուրդի արժանապատուութեան», ըսած է Տրակին: