image

Զելենսքի. «Կը կարեւորեմ հանրաքուէի կայացումը»

Զելենսքի. «Կը  կարեւորեմ հանրաքուէի կայացումը»

Ռուսաստանի հետ պատերազմին վերջ տալու համար խաղաղ բանակցութիւններու մէջ համաձայնեցուած որեւէ հաւանական գործարք պիտի ներկայացուի ուքրանացի ժողովուրդին` հանրաքուէի միջոցով: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին, լրատուամիջոցի տուած հարցազրույցին ընթացքին:

«Հետեւաբար, ես պատրաստ եմ ընելու այն, ինչ անհրաժեշտ է, եթէ մեր ժողովուրդը աջակցի իմ որոշումներուն», աւելցուցածա է Զելենսքին:

Ան եւս մէկ անգամ պնդած է իր այն որոշումը, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ որեւէ ձեւաչափով հանդիպիլը անհրաժեշտութիւն է` ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար:

«Ես կը կարծեմ, որ առանց այս հանդիպման անհնար է լիովին հասկնալ` ինչի դիմաց անոնք պիտի համաձայնին դադրեցնել պատերազմը», ըսած է Զելենսքին:

Նշենք, որ Զելենսքին յայտնած էր, որ պատրաստ է քննարկելու Տոնպասի ու Խրիմի ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքներու դիմաց:

Զելենսքին ըսած է․ «Անկեղծ ըսած, անվտանգութեան երաշխիքներու հարցով պիտի խօսինք սահմանադրական փոփոխութիւններու, ուքրանական օրէնսդրութեան փոփոխութիւններու մասին, եւ եթէ խօսինք այս մասին, ապա պիտի ստացուի, որ այդ պիտի որոշէ ոչ միայն նախագահը, այլ ե՛ւ Ռատան, ե՛ւ Ուքրանիոյ ժողովուրդը»: