image
Հրատապ լուրեր:

Զաս Հայաստան պիտի գայ

Զաս Հայաստան պիտի գայ

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլավ Զաս Դեկտեմբեր 22-24-ին պիտի այցելէ Հայաստան՝ երկրի բարձրագոյն քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան հետ հանդիպելու եւ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ իրավիճակը քննարկելու համար։

Այցի ընթացքին հանդիպում կը նախատեսուի ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը անոր հաստատման պիտի ներկայացնէ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2021 թուականի սեպտեմբերեան նստաշրջանի որոշումներու կատարման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան ընթացքին ՀԱՊԿ գործունէութեան առաջնահերթ ուղղութիւններու իրականացման գործողութիւններու ծրագրին նախագիծը։

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Զաս բանակցութիւններ վարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։