image
Հրատապ լուրեր:

Յունաց արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է Հայաստանի հետ պատմական կապերուն

Յունաց արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է Հայաստանի հետ պատմական կապերուն

Յունաստանը Կովկասի մէջ պատմական կապեր ունի Հայաստանի հետ: Ինչպէս հաղորդած է Յունաստանի ԱԳՆ-ի հաղորդագրութիւնը, այդ մասին խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ ըսած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիկոս Տենտիաս:

Յունաստանի ԱԳ նախարարը խօսած է Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մասին՝ նշելով, որ երկիրը արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը բախի «սողուն, գերլարուած ու անընդհատ փոխուող պատկերի»։

«Մենք կ'օգտուինք իւրաքանչիւր հնարաւորութեան պատուհանէն՝ տեսնելով իրականութիւնը, ըսել է թէ՝ Յունաստանը եւ Կիպրոսը ընդլայնուող հարեւան ունին։ Վերջին տարիներուն այդ պարզ դարձաւ աննախադէպ սադրանքներու տեսքով Էկէեան ծովու, Եւրոսի, Կիպրոսի, Արեւելեան Միջերկրական ծովու եւ նոյնիսկ աւելի լայն տարածաշրջանի՝ Կովկասի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ: Օսմանեան գաղափարախօսութիւններ ի յայտ կու գան, «Օսմանեան սրտի սահմաններ», «Կապոյտ Հայրենիք»: Այս աննախադէպ եւ անախրոնիկ սադրանքի դիմաց Յունաստանը վերափոխեց իր դիւանագիտական մարտավարութիւնը եւ ուժեղացուցած իր զսպող ուժը», յայտարարած է Նիկոս Տենտիաս:

Նախարարին խօսքով՝ Յունաստանը, չնայած դժուարութիւններուն, կարողացած է Կիպրոսի հետ միասին Եւրոպական միութեան մէջ բարձրացնել թրքական սադրանքներու եւ ընդլայնման հարցը՝ որպէս եւրաթրքական օրակարգի հիմնական խնդիր:

«Մենք բացատրեցինք անվտանգութեան խնդիրը, որ Թուրքիան կը ստեղծէ Եւրոպայի մէջ, եւ թէ ինչու Թուրքիան պէտք չէ զինուի յատկապէս եւրոպական զէնքով: Խօսեցանք անոր՝ միջազգային իրաւունքի, ծովու իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն բաժնուելու մասին», ըսած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը: