Մենք Պաղ պատերազմի նոր դարաշրջան մտած ենք: Այս մասին Թութիրով գրած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իբպրահիմ Քալինը:
«Ուքրանական ճգնաժամը կը շարունակէ խորանալ: Փոխադարձ սխալները, ուժերու նոր հաւասարակշռութեան որոնումները եւ շահերու կարճաժամկէտ հաշուարկները մեծ ռազմավարական կորուստներու եւ մարդկային ողբերգութիւններու պիտի յանգեցնեն միջնաժամկէտ հեռանկարի վրայ: Մենք Պաղ պատերազմի նոր դարաշրջան մտած ենք: Այս պատերազմին հետեւանքները պիտի պահպանուին տասնամեակներու ընթացքին», ըսած է ան:
«Նոր հաւասարակշռութիւններ պիտի սահմանուին բոլոր ոլորտներուն մէջ` պարէնային եւ ուժանիւթային անվտանգութենէն մինչեւ աշխարհաքաղաքական աշխուժութիւն եւ տարածաշրջանային դաշինքներ:
Թուրքիան պիտի պահպանէ իր հաւասարակշռուած դիրքորոշումը եւ պիտի շարունակէ այս ճակատագրական ժամանակաշրջանին խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան ու արդարութեան ուղղուած իր բազմակողմ նախաձեռնութիւնները»: