image

Ըստ Պայտընի. Փութին այս պատերազմին համար ելք մը չունի

Ըստ Պայտընի. Փութին այս պատերազմին համար ելք մը չունի

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպէս վարուիլ իրավիճակի մը մէջ, երբ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ելք չունի Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ: Սպիտակ տան ղեկավարը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Փութինը շատ հաշուարկող մարդ է, եւ հիմա զիս անհանգստացնող խնդիրը այն է, որ Ռուսաստանի առաջնորդը այժմ ելք չունի, եւ ես կը փորձեմ հասկնալ, թէ մենք ինչ կ'ընենք այդ առնչութեամբ», ըսած է Պայտըն:

Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի առաջնորդին համոզմամբ` «Փութին կը կարծէր, որ կրնար մասնատել ՆԱԹՕ-ն, կը կարծէր, որ կրնար մասնատել Եւրոմիութիւնը: Փոխարէնը, ԱՄՆ-ն եւ եւրոպական շատ երկիրներ կանգնեցան Ուքրանիոյ կողքին»,  յաւելած է Պայտըն: