image

Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ իրադրութիւնը կայուն է

Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ իրադրութիւնը կայուն է

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, ուր երէկ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած էին դիրքային յառաջխաղացում ապահովել, յարաբերականօրէն կայունացած է, կրակոցներ չկան։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, կ'ընթանան բանակցութիւններ՝ իրադրութեան հանգուցալուծման նպատակով։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։

«Յաւելենք, որ սոցիալական ցանցերում տարածուող տեղեկութիւնները, թէ սահմանային այդ հատուածում հայկական տարածք ատրպէյճանական զինուած ուժերու զրահամեքենայ մտած է՝ չի համապատասխաներ իրականութեան», կ'ըսուի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։