image

Ընդդիմութիւնը հռչակագիր կը պատրաստէ

Ընդդիմութիւնը հռչակագիր կը պատրաստէ

Սթրասպուրկի մէջ իմ հանդիպումներու օրակարգին մէջ եղած է Արցախի հարցը, խօսած ենք նաեւ ռազմագերիներու հարցի վերաբերեալ, այս մասին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը՝ թուարկելով քանի մը արձանագրում, որ ըրած է եւրոպական այցէն։

Սաղաթէլեանը նշած է, որ սուտ է Նիկոլ Փաշինեանի պնդումը, թէ կայ միջազգային հանրութեան ձեւաւորուած պահանջ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ նշաձողը իջեցնելու հարցով։ «Եղել է պահանջ, ընդհանուր խաղաղութեան օրակարգի եւ խաղաղութեան հասնելու, բայց երբ միջազգային գործընկերներին բացատրում էի, որ այդ խաղաղութիւնը չի կարող լինել հայ ժողովրդի հայրենազրկման, Արցախի հայաթափման ու էթնիկ զտման գնով, այդ հիմնաւորումներն ու փաստարկներն առարկութիւն չունէին, ինչը շատ հասկանալի է»,–ըսած է ան։

Երկրորդ արձանագրումը, ըստ անոր, այն է, որ ՀՀ իշխանութիւնները, ինչպէս մնացած բոլոր ոլորտներու մէջ, այստեղ եւս ամբողջութեամբ ձախողած են․ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութիւնը միջազգային հարթակներուն վրայ բացարձակ բարձիթողի վիճակի մէջ է, մեր շահերը պաշտպանուած չեն։

Սաղաթէլեանը նշած է, թէ միջազգային հարթակներու վրայ թուրք–ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները «Դիմադրութիւն» շարժումը կը ներկայացնեն որպէս վրէժխնդիրներ, որոնք կ'ուզեն ապակայունացնել իրադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ «Մեր պայքարը ոչ միայն Նիկոլի իշխանութեան դէմ է, այլ նաեւ իր տէրերի։ Իրականում պէտք է գիտակցենք, որ մենք այսօր պայքարում ենք ոչ միայն օրուայ իշխանութեան, այլեւ Թուրքիայի, Ատրպէյճանի եւ նրանց փողերով ֆինանսաւորուող գործակալութիւնների, «ֆէյքերի» եւ գործակալների դէմ»,–ըսած է ան։ 

«Դիմադրութիւն» շարժման համակարգողը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հիմա կը պատրաստեն «դենոնսացիայի»՝ չեղարկման հռչակագիր մը, որու բովանդակութիւնը հետեւեալն է, որ յաջորդ իշխանութիւնները պէտք է առոչինչ համարեն Նիկոլ Փաշինեանի ձեռք բերած որեւէ պայմանաւորուածութիւն՝ գրաւոր, թէ բանաւոր։

«Հաշուի առնելով, որ Փաշինեանը կապ չունի մեր ժողովրդի շահերի եւ կամարտայայտութեան հետ, նախընտրական շրջանում իր պլատֆորմով (օրակարգով) եւ կառավարութեան ծրագրով ժողովրդին խոստացել է մի բան, եւ հիմա անում է ամենեւին այլ բան, սպասարկում է Ատրպէյճանի, Թուրքիայի շահերը՝ մի կողմ դնելով հայ ժողովրդի կենսական, առաջնահերթ շահերը՝ մենք հանդէս ենք գալու նախաձեռնութեամբ, որ յաջորդ իշխանութիւնը հրատապութեան կարգով պէտք է առոչինչ յայտարարի Նիկոլի ձեռք բերած ցանկացած բանաւոր եւ գրաւոր պայմանաւորուածութիւն։

Եւ մենք այս փաստաթուղթը վերջնական մշակելուց յետոյ առաջարկելու ենք, որ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը, գործիչները ստորագրեն դրա տակ եւ ամբողջ աշխարհը, այդ թուում՝ Ալիեւը եւ Էրտողանը եւ բոլորը հասկանան՝ Նիկոլի հետ ձեռք բերած ցանկացած պայմանաւորուածութիւն առ ոչինչ է եւ որեւէ իրաւական նշանակութիւն չունի հայ ժողովրդի համար»,–ըսած է ան: