image

Յայտնի են Լիբանանի մէջ ընտրուած հայազգի պատգամաւորներուն անունները

Յայտնի են  Լիբանանի մէջ ընտրուած հայազգի   պատգամաւորներուն անունները

     

Նախնական տուեալներ կը տարածուին  կապուած Լիբանանի Խորհրդարանի ընտրութիւններուն։

 

 «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրին հաղորդմամբ արդէն իսկ յայտնի  են   այն  վեց հայ պատգամաւորներուն անունները, որոնք մաս պիտի կազմեն  նոր Խորհրդարանին։

 

 Եւ այսպէս դարձեալ ըստ նախնական տուեալներու այս ընտրութիւններուն  յաջողած են յաղթանակ ապահովել՝ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թէրզեան, Փօլա Եագուպեան, Ժան Թալուզեան, Ժիհատ Բագրատունի եւ   Ճորճ  Պուչիքեան։

 

 Մեր ընթերցողներուն դարձեալ կը  հաղորդենք, որ այս տուեալները նախնական տուեալներ են, ու չի բացառուիր, որ վերը նշուած անուններու պարագային կարգ մը փոփոխութիւններ գրանցուին։