image
Հրատապ լուրեր:

Յայտնի է այսօր սահմանին նահատակուած զինուորին անունը՝ Վահէ Մանասէրեան

 Յայտնի է այսօր սահմանին նահատակուած զինուորին անունը՝  Վահէ Մանասէրեան

10 Դեկտեմբերին, ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ, Գեղարքունիքի մարզ, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւնները դիմակայելու ընթացքին զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային՝ Վահէ Վաղարշակի Մանասէրեան (2002-ի ծնունդ)։ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Նաեւ ութ զինծառայող վիրաւոր է։ Վեց զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր, իսկ միւս երկուքինը, համապատասխանաբար, միջին եւ թեթեւ։