image

Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսինք «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման աշխատանքները. թուրք նախարար

Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսինք «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման աշխատանքները. թուրք նախարար

Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսինք «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման աշխատանքները. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն:

Այս մասին գրած են տեղի լրատուամիջոցները:

«Մենք մշտական կապի մէջ ենք Ատրպէյճանի հետ, «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ, որ պիտի միացնէ ամբողջ թրքական աշխարհը»,-ըսած է թուրք նախարարը Պոլսոյ մէջ կայացած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան լոճիսթիք համագումարին։