image

Վրաստանի ընտրութիւններ. «Վրացական երազանք»ը առաջատար

Վրաստանի ընտրութիւններ. «Վրացական երազանք»ը առաջատար

Վրաստանի մէջ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը քուէաթերթիկներու 100%-ի մշակման արդիւնքներով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստացած է ձայներու 53,92 %-ը, յայտնած է Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։

Հոկտեմբեր 26-ին Վրաստանի քաղաքացիներն ընտրած են խորհրդարանի 150 պատգամաւոր։ Մանթատները պիտի բաշխուին այն կուսակցութիւններու միջեւ, որոնք կը հաւաքեն փաստացի ձայներու առնուազն 5%-ը։

«Վրացական երազանքի» օգտին («Վրացական երազանք», «Ժողովուրդի իշխանութիւն»), քուէարկած է ընտրողներու 53,92 %-%-ը։

Մնացած ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ։

«Փոփոխութիւններու դաշինք»՝ («Ախլի»-ի, «Կիրչի-առաւել ազատութեան» եւ «Տրոա» ) -11,04 %,

«Միասնութիւն՝ ազգային շարժում» («Միացեալ ազգային շարժում», «Ագմաշենեպելի ռազմավարութիւն», «Եւրոպական Վրաստան»)՝ - 10,16%;

«Ուժեղ Վրաստան» միաւորում («Լելոն Վրաստանի համար», «Ժողովուրդի համար», «Ազատութեան հրապարակ», «Քաղաքացիներ») -8,81 %;

«Վրաստանի համար» - 7,77 %։

Մնացած կուսակցութիւնները չեն յաղթահարած 5%-ի շեմը։ Վրաստանի ԿԸՀ-ն կայացած ճանչցած է խորհրդարանական ընտրութիւնները։ «Վրացական երազանք» կուսակցութեան մէջ հաշուարկած են, որ երկրի խորհրդարանէն ներս 150 մանթատէն կը ստանան 90-ը: