image

Վրաստան առաջին անգամ ռուսական կազը ատրպէյճանականէն շատ ներմուծած է 

Վրաստան առաջին անգամ ռուսական կազը ատրպէյճանականէն շատ ներմուծած է 

2009 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ռուսական կազի ներմուծումը Վրաստան գերազանցած է ատրպէյճանական կազի ներմուծման, յայտնած է Սփութնիք գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:

Բոլոր 18 տարիներու ընթացքին, երբ «Սաքսթաթ» ազգային ծառայութիւնը կը վարէ վիճակագրութիւն, Ատրպէյճանէն կազի գնումը միշտ եղած է հիմնականը։ Այս տարուան առաջին եռամսեակին վիճակագրութիւնը փոխուած է. պարզուած է երկիրը Ռուսիայէն գնած է 100,6 միլիոն տոլարի կապոյտ վառելիք, իսկ Ատրպէյճանէն՝ 82,4 միլիոն տոլարի։