image

Ուքրանիոյ մէջ միջուկային զէնքի կիրառումն անհնար է

Ուքրանիոյ մէջ միջուկային զէնքի կիրառումն անհնար է

Ռուսաստանի կողմէ միջուկային զէնքի օգտագործումը Ուքրանիոյ մէջ անհնար է, քանի որ այդ չի համապատասխաներ ռազմական յատուկ գործողութեան առաջադրանքներուն: Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւը:

«Մեր կողմէ միջուկային զէնքի հնարաւոր կիրառման սենարները յստակօրէն շարադրուած են ռուսական փաստաթուղթերուն մէջ, անոնք կիրառելի չեն Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին առաջադրուած խնդիրներու իրականացման համար», ըսած է ան: