Ուքրանիան չի կրնար ընդունիլ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կորուստը: Այս մասին ըսած է Ուքրնիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին` պատասխանելով Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ հնարաւոր զիջումներու մասին հարցին:
«Մենք պէտք է այնպիսի ձեւաչափ գտնենք, որուն մէջ Ուքրանիան չի կորսնցներ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք չենք կրնար համաձայնիլ ասոր հետ: Բայց մենք պէտք է գտնենք փոխըմբռնման նման ձեւաչափ, որպէսզի կանխենք նոր պատերազմներ մեր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու եւ ժամանակաւոր բռնակգրաւուած տարածքներու միջեւ», ըսաւ ան:
Զելենսքին նաեւ ըսած է, որ Ուքրանիան պիտի չընդունի որեւէ վերջնագիր: «Ասկէ միակ ելքը երկխօսութիւնն է», ըսաւ ան: