image
Հրատապ լուրեր:

Ուաշինկթըն կ'ողջունէ Երեւանի ու Անգարայի միջեւ կայացած երկխօսութիւնը

Ուաշինկթըն կ'ողջունէ Երեւանի ու Անգարայի միջեւ կայացած երկխօսութիւնը

ԱՄՆ եւ միջազգային հանրութիւնը արձագանգեց Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու հանդիպման՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ապագան քննարկելու համար: «Մենք ջերմօրէն կ'ողջունենք հայ-թրքական երկխօսութիւնը եւ երկու երկիրներու ներգրաւուածութիւնը դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան մէջ՝ միմեանց միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները կարգաւորելու համար», յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը:

Նշենք, որ Անգարան նոյնպէս հանդիպումը գնահատած է դրական եւ կառուցողական: Թրքական կողմին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու լիարժէք կարգաւորման նպատակով բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու: