image

Վերմոնթի մէջ. Տեղի ունեցած է ՀՕՄ-ի Արեւելեան շրջանի 103-րդ շրջանային ժողովը

Վերմոնթի մէջ.  Տեղի ունեցած է ՀՕՄ-ի Արեւելեան շրջանի 103-րդ շրջանային ժողովը

Օրերս, տեղի ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 103-րդ Պարգամաւորական Ժողովը, որուն մասնկացած են քսան մասնաճիւղեր։ Առաջին անգամ ըլլալով Պատգամաւորական Ժողովը գումարուած է Վըրմոնթի մէջ, կազմակերպութեամբ նորակազմ «Նուռ» մասնաճիւղին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջէն։

Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան շրջանի 103-րդ շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 17-20 Յուլիսին, Պըրլինկթընի մէջ (Վերմոնթ)։ Տարեկան ժողովը կազմակերպուած էր ՀՕՄի տեղւոյն «Նուռ» մասնաճիւղին կողմէ։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր) հոգեւոր հովիւ, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքի խօսքը եւ ողջոյնները։

Եռօրեայ ժողովը քննեց ՀՕՄի Արեւելեան շրջանի աշխատանքը անցեալ տարուան ընթացքին, ներառեալ՝ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու եւ սփիւռքահայ համայնքներու օժանդակութիւնը։ Նաեւ ուսումնասիրուեցաւ կազմակերպութեան ելեւմտական ընթացքը։

Յանուն Թեմիս Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կը շնորհաւորէ ՀՕՄի Արեւելեան շրջանը իր բարեսիրական աշխատանքին եւ յաջող շրջանային ժողովին համար, մաղթելով որ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը շարունակուի կրթական, բարեսիրական ու մշակութային կալուածներուն մէջ։