image

Վենս խօսած է ռուսերու եւ ուքրանացիներու «պահանջներ»ուն մասին

Վենս խօսած է ռուսերու եւ ուքրանացիներու «պահանջներ»ուն մասին

Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները յստակացած են երկու հիմնական հարցի շուրջ: Այս մասին OEN-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս:

«Կը կարծեմ, որ մենք այժմ այն ​​կէտին հասած ենք, երբ առնուազն սահմանափակուած ենք քանի մը հիմնական հարցի շուրջ։ Հարցերէն մէկը տարածքայինն է։ Ռուսերը կը ցանկան մօտ 6,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, որ դեռ ռազմական ճամբայով չեն գրաւած։  Միւս կողմէ, ուքրանացիները կը ցանկան անվտանգութեան երաշխիքներ թէ՛ եւրոպացիներէն եւ թէ՛ որեւէ մէկէ, քանի որ անոնք կ'ուզեն վստահ ըլլալ, որ եթէ գործարքը կնքեն, ռուսերը քանի մը ամիս կամ տարի վերջ չեն վերադառնար աւելին պահանջելով»,- ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը: