Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն վերահասու դարձանք, որ Աթոռի երիտասարդ եւ եռանդուն միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Ծատուրեան ծառայութեան կոչուած է Արեւմտեան Թեմէն ներս բնականաբար Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեան ներքոյ։
Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու նշանակումներ։
Հոգեշնորհ Տ. Անանիա վարդապետ Ծատուրեանը, ազատուելով գաւազանակիրի պարտականութիւններէն, ծառայութեան կոչուած է ԱՄՆ հայոց Արեւմտեան թեմէն ներս։