image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր արկած Սիւնիքի մէջ.Զոհուած է մէկ անձ (Լուսանկար)

Ծանր արկած Սիւնիքի մէջ.Զոհուած է մէկ անձ (Լուսանկար)

Մեծ արկած մը գրանցուած է Հայաստանի Սիւնիք մարզին մէջ։ Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ փոխադրող կառք մը ձորը գլտորած է։Դէպքը եղած է Կապան-Առաջաձոր հատուածի ճանապարհին եւ զոհուած է մէկ մարդ։ Կը նշուի նաեւ որ կառքին մէջ եղած է 25 անձ, որոնց մեծ մասը եղած են երեխաներ։

Բոլոր 24 տուժաները փոխադրուած են հիւանդանոց համապատասխան բուժում ստանալու համար։

Կը նշուի նաեւ, որ  զոհուածը  երեխաներուն ընկերակցող ուսուցիչներէն մին էր։