Լիբանանի Արսէլ աւանին մէջ ծանր արկած մը վերջ տուած է 7 անձերու կեանքին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ կայքէն, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ արկածը պատահած է այն պահուն երբ մեծ ժայռեր բեռցուցած փոխադրակառքի վարորդը կորսնցուցած է ղեկին տիրապետելու կարողութիւնը։
Բեռնատարը շրջուած է եւ կողքէն անցնող մարդատառ մեքենայի մը վրայ, որուն վարորդը եւ այնտեղ գտնուող վեց անձերը անմիջապէս մահացած են։
Կը նշուի նաեւ, որ արկածին հետեւանքով կան մի քանի անյետ կորսուած անձեր։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ մահացողներուն վեցը մէկ ընտանիքի երկու ծնողներն ու 4 զաւակներն են։
Դէպքին շուրջ բացուած է հետաքննութիւն։
بالفيديو.. كارثة تضرب عرسال.. إليكم ما حصل!
— Lebanon 24 (@Lebanon24) July 16, 2022
التفاصيل في الخبر المُرفق:https://t.co/RX4J8GyFLC#lebanon24#لبنان pic.twitter.com/OlOwM0Fi60