image

Տօնակատարութեան թեմայով Փաշինեան շեղեց օրակարգը. Փորձագէտ

Տօնակատարութեան թեմայով Փաշինեան շեղեց օրակարգը. Փորձագէտ

Գունագեղ տօնակատարութեան պատրաստուելու մասին յայտարարութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շեղեց ուշադրութիւնը կարեւոր իրադարձութենէ. այդ օրը Ատրպէյճանի համար բացուեցաւ Հայաստանի օդային տարածքը։ Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ 15 Սեպտեմբերին ըսաւ քաղաքական փորձագէտ Կարէն Քոչարեանը։

Անոր խօսքով՝ գրեթէ ոչ ոք ատոր ուշադրութիւն դարձուց, եւ բոլորը կեդրոնացան «գունագեղ տօնակատարութիւն» արտայայտութեան վրայ։

Փորձագէտը նշած է, որ Փաշինեանը յաճախ կը դիմէ նման միջոցի, եւ այդ առայժմ կը գործէ։

Ան յիշեցուցած է, որ «Ազատութիւն» ռատիոկայանէն քանի մը տարի շարունակ, երբ կառավարութիւնը 17 մլն դրամ կը յատկացնէր «Ի՞նչ, որտե՞ղ, ե՞րբ» ծրագրին, կը զանգէին եւ կ'ըսէին, որ հարկատուներու փողերը կ'ուղղուին ռուսերէն վարուող ծրագրին եւ այլն։

Քոչարեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին կոչ ըրած է զբաղելու 1 միլիառ 200 մլն դրամի հարցով, որոնք յատկացուած են մասնաւոր ընկերութեան Հայաստանի Անկախութեան օրուան առիթով գունագեղ տօնակատարութիւն կազմակերպելու համար։

Ան նշած է, որ ան, որ թրքական մեքենայ բերած է Հանրապետութեան հրապարակ, շատ անգամ յայտարարութիւններ ըրած է, եւ  պատասխան չէ ստացած։

«Պայքարը շարունակուում է, բայց հարցն այն է, թէ ինչպէս է այն վարուում։ Պէտք է շօշափել թոյլ տեղերը եւ խփել այնտեղ։ Յունիսի 20-ը ցոյց տուեց, որ գլխով պատը քանդել հնարաւոր չէ։ Այդ մարդիկ ոչինչ չեն ուզում լսել։ Նրանք յայտարարում էին, որ օլիգարխներ չեն լինելու, բայց խորհրդարանում որպէս «նայողներ» հիմա նստած են հենց օլիգարխները, որոնք էլ որոշում են՝ թուրքական ապրանք կը գա՞յ Հայաստան, թէ՞ ոչ, թուրքական մեքենան կը գա՞յ Երեւանի գլխաւոր հրապարակ, թէ՞ ոչ։ Այս առնչութեամբ անգամ նրանց թիմի ներսում տարաձայնութիւններ կան։ Հայաստանի կառավարութեան նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը հենց այդ պատճառով հեռացաւ, քանի որ, նրա կարծիքով, խախտուում էր իրենց իսկ յայտարարած սկզբունքը, որի համաձայն՝ իշխանութիւնում օլիգարխներ չպէտք է լինեն»,- աւելցուցած է փորձագէտը։

Ան ընդգծած է, որ այն, ինչ այժմ կը կատարուի, առաջին հայեացքով բացատրել անհնար է, բայց եթէ խորանանք, ապա կարելի է հասկնալ, որ այս ամէնը անգրագիտութեան արդիւնք է, որոնք սերմանուած են տասնամեակներ շարունակ։

«Մեղաւոր ենք մենք բոլորս, եւ մենք բոլորս շարունակում ենք կատարել նոյն սխալները։ Կառավարութիւնը ներկայ իրավիճակում Հայաստանում պէտք է կազմուած լինի կրիզիս-մենեջերներից (Ճգնաժամի ղեկավարներ)»,- ամփոփած է փորձագէտը։