image

Թուրքիոյ յաւակնութիւններուն մասին. Ինչի՞ մասին խօսած են յունաց վարչապետն ու Գերմանիոյ կանցլէրը

Թուրքիոյ  յաւակնութիւններուն մասին. Ինչի՞ մասին խօսած են յունաց վարչապետն ու Գերմանիոյ կանցլէրը

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը Գերմանիոյ կանցլէր Օլաֆ Շոլցին ցոյց տուած է «կապոյտ հայրենիքի» քարտէզը` Թուրքիոյ յաւակնութիւններով Միջերկրական ծովի մեծ հատուածներուն նկատմամբ, որպէսզի ներկայացնէ երկրին տեսակէտը Անգարայի ծաւալապաշտական միտումներուն վերաբերեալ:

Միցոթաքիսը եւ Շոլցը հանդիպած են Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութեան սրման լոյսին տակ, երբ Անգարան կը սպառնայ վիճարկել Յունաստանի ինքնիշխանութիւնը արեւելեան Էգեյեան ծովի կղզիներու մէջ: Միցոթաքիսը Շոլցին մանրամասն տեղեկացուցած է այդ բոլոր իրադարձութիւններուն, այդ շարքին` Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի օդային տարածքի խախտման մասին:

Միցոթաքիսը ըսած է, որ ինք Պերլինին յստակ յայտնած է իր դիրքորոշումը` նշելով, որ Գերմանիան պէտք չէ հաւասար հեռաւորութեան դիրքորոշում որդեգրէ: Կանցլէրը, ըստ Միցոթաքիսի, «հասկցած է խնդիրին մասշտաբները»: «Կապոյտ հայրենիքի քարտէզը լաւագոյն ապացոյցն է առ այն, որ Թուրքիան կը սպառնայ մեզի», յաւելած է ան:

Միցոթաքիսը լրագրողներուն ըսած է, որ իր գործընկերներուն տեղեկացուցած է «թրքական սադրանքներու սրման մասին»:

«Ես խնդրեցի, որ եթէ Թուրքիան շարունակէ այս մարտավարութիւնը, ապա հարցը պէտք է քննարկուի Յունիսին կայանալիք յաջորդ հանդիպման եւ եզրակացութիւններուն մէջ յստակ ձեւակերպում պէտք է ըլլայ», ընդգծած է վարչապետը: